Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԾՈՎԱՓԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒԱԾ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 29 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, կրկին ընդունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը, որ Նորին Սրբութեան մանրամասնօրէն զեկուցեց Սուրիոյ Ծովափի հայութեան տուած իր հովուական այցելութեան մասին: Արդարեւ, Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով սուրիահայեր ո՛չ միայն Սուրիայէն մեկնեցան ապահով վայրեր, ուր ժամանակաւոր կայք հաստատեցին, այլեւ ապաստան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԻԱ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 29 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հարաւային Քորիայէն ժամանած պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Պատուիրակութիւնը եկած էր հրաւիրելու Նորին Սրբութիւնը, որ իր պատգամը փոխանցէ Հարաւային Քորիայի մայրաքաղաք՝ Սէուլի մէջ կայանալիք արդարութեան ու խաղաղութեան նուիրուած միջազգային միջ-կրօնական համագումարին: Ողջունելով…