Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԸ ՄԿՐՏԵՑ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԱՆՔ ԱՆՈՒՆՈՎ

          Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2014-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տուած իր պատգամին ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովուոցի՝ Պիքֆայայի վանքի շրջափակէն ներս տեղի ունեցող շինարարութեանց եւ այս առիթով, հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան, Պիքֆայայի վանքը մկրտեց «Սուրբ Աստուածածնայ Վանք» անունով:            …

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի նորաօծ բացօթեայ Նահատակաց խորանին վրայ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, հանդիսապետութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ.…