Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2014-ին, Հիւսիսային Յունաստանէն Աթէնք վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր իջեւանած պանդոկին մէջ ունեցաւ հետեւեալ հանդիպումները:Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Յունաստանի Պետական Բարեկարգումի նախարար Քիրիաքոս Մետծօթաքիս: Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետին ներկայութեան տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան առաւելաբար հայ համայնքին հետ առնչուած հարցեր: Այս ծիրէն ներս, ընդառաջելով Նորին Սրբութեան փափաքին, նախարարը խոստացաւ ազգային…