Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ
Անցնող օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի հովուոցի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց կրօնական, համայնքային ու պետական հիւրեր: Այցելուներուն շարքին էին հետեւեալ անձերը. Ա) Նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահին, որուն հետ Նորին Սրբութիւնը քննարկեց Ճիպէյլի հողաշերտին հետ առնչուած ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Բ) Վեհափառ…