Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

  Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանան ժամանած օտար եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմակալ առաջնորդներուն ու Միաբան Հայրերուն, ժամանեց Կաթողիկոսութեան խնամքին ներքեւ գործող «Թռչնոց Բոյն» հաստատութիւնը, Ժըպէյլ, կատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի բացումը:   Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Մարոնի եկեղեցւոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2015-ը, յատկանշական եւ յիշատակելի օր եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Արդարեւ, Շաբաթ 18 եւ Կիրակի 19 Յուլիս 2015-ի վրայ երկարող, Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան հրաւիրուած եկեղեցիներու պատրիարքները եւ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչները սկսան ժամանել Անթիլիաս: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ամբողջ օրուան ընթացքին մինչեւ ուշ գիշեր, յաջորդաբար…

LIVE TELEVISION BROADCAST OF Inauguration of the Armenian Genocide Orphans’ “Aram Bezikian” Museum

Place: Birds’ Nest, Jbeil Time corresponding UTC (GMT): Saturday, July 18, 2015 at 8:00 am To watch live via internet click here: http://www.noursat.tv/ar/receive-us.php?chid=2 For more details on how to receive Noursat on TV in your area, click on the following link: http://www.noursat.tv/ar/receive-us.php?chid=2 Check below your local listings for broadcast dates and times in your area:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԶԻՐԻ ՈՐԲԱՆՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԲԱԲԱ ՔՈՒՆՑԼԷՐԻ ԹՈՌԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայասէր որբախնամ՝ Ղազիրի Որբանոցի տնօրէն Բաբա Քունցլէրի թոռնիկը՝ Տիկ. Իտա Ալամէտտին, իր երկու որդիներուն՝ Քարիմ եւ Ապպուտ Տիապներու հետ, ընկերակցութեամբ «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ թանգարանի արխիւներու հաւաքարար Կարօ Տէրունեանի։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր կապուած Բաբա Քունցլէրի կեանքին, անոր դերակատարութեան որբերու խնամատարական աշխատանքներուն, կազմակերպած զանազան ծրագիրներուն՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Շաբաթ, 11 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորիներու Պատրիարքին միջեւ:               Վեհափառ Հայրապետին կողքին, հանդիպման ներկայ էին միաբան հայրեր. իսկ Պատրիարքին կ’ընկերանային ասորի հոգեւոր հայրեր Պէյրութէն և Դամասկոսէն։               Եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆԵՐԵՔ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Կիրակի, 12 Յուլիս 2015-ին, Ս. եւ Անմահ պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան տասներեք աբեղաներ՝ Հոգշ. Տ. Արտակ Աբղ. Արապեան, Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Հոգշ. Տ. Հրանդ Աբղ. Թահանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԵԼՃԻՔԱՅԷՆ

Մի քանի օրեր առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պելճիքայի զանազան համայնքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Շարլ Քլեման Պոնիֆաս եպիսկոպոսին։ Պատուիրակութեան գլխաւոր նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը լայն տեղեկութիւններ տուաւ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան և յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին։ Պոնիֆաս եպիսկոպոսը մօտէն ծանօթ ըլլալով…

«1915-ԻՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾԸ ՄԻԱՅՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌՈՎ ԿԱՐԵԼԻ Է ԲՆՈՐՈՇԵԼ»          Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Անցնող երեք օրերու վրայ տարածուած միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քասլիքի համալսարանին մէջ, նուիրուած յատկապէս Ասորիներու ցեղասպանութեան։ Աւելի քան հարիւր հոգիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող համագումարը կազմակերպուած էր Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքութեանց կողմէ։               Համագումարի բացման նիստին ներկայ գտնուեցան վեց հոգեւոր պետեր եւ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Հոգեւոր պետերու շարքին խօսք առաւ…

ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ԵՒ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ա. Միւռոնի պատրաստութիւնն ու գործածութիւնը իր նախատիպը ունի Հին Կտակարանի մէջ: «Միւռոն» բառը տառադարձութիւնն է Յունարէն` μυρον բառին եւ կը նշանակէ` անուշաբոյր իւղ: Անուշաբոյր իւղի պատրաստութիւնն ու գործածութիւնը սուրբգրային հիմք ունի: Աստուած ինքն էր որ Մովսէս մարգարէին պատուիրեց անուշաբոյր իւղ պատրաստել, եւ նոյնիսկ թուեց այն պատուական համեմները զոր պէտք էր գործածուէին իւղի պատրաստութեան համար (Ելից…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի, 2 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Վեհարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասը ներկայացնող պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ՝ Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Գրիգոր Եպս. Կապրոյեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 5 գերապայծառներ եւ Մեթր Ժագ Չուխատարեան։ Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել Վեհափառ Հայրապետին, Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքի յուղարկաւորութեան…

ՓՐՈՖ. ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Մեծի Տաննի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքի կազմակերպած «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց» ձեռնարկներու շարքի ծիրէն ներս, շահեկան հանդիպում-զրոյց մը տեղը ունեցաւ թուրք պատմագէտ Դոկտ. Թաներ Աքչամի եւ լիբանանահայ համալսարանականներու միջեւ, Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2015-ին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ)։ Ձեռնարկին բացման խօսքը ՀԵՀՈՄի անունով անգլերէնով…

Սիսի Կաթողիկոսարանի Դատին Զարգացումներուն Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս

Առնուած Ազդակ Օրաթերթէն Փրոֆ. Սոֆուօղլու. «Դատին Հիմնական Նպատակը Սիսի Կաթողիկոսարանի Կալուածին Վերադարձն Է Եւ Ոչ Թէ Նիւթական Հատուցումը»   Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն քննարկման ծիրին մէջ երէկ` Չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական գրասենեակին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը` ներկայութեամբ հայկական եւ լիբանանեան…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԴՈԿՏ. ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2015-ի երեկոյեան 7:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան պարզած ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքը, որ կազմակերպած էր դասախօսութիւնը, հրաւիրած էր Ա.Մ. Նահանգներու Գլարք համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Դոկտ. Թաներ Աքչամը ներկայացնելու օրուան նիւթը: Հանդիսութեան նախագահեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Հ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ ՏԻԿ. ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԸ

Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2015-ին, Անթիլիասի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մoտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Աշոտ Քոչարեանին:   Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր եւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը։  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ ՎԱՌԵՑ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՋԱՀԸ

Կիրակի, 28 Յունիս 2015-ին, եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Անթիլիասի Սրբոց Նահատակաց մատրան մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիսաւորապէս վառեց Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահը եւ բարի երթ ու յաջողութիւն մաղթեց կազմակերպիչներուն եւ մարզիկներուն: Ջահավառութեան ներկայ էին Միաբան Հայրեր, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Տիար Իշխան Զաքարեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Դեսպանը, ազգայիններ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի,…

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆ, ՈՐԱԿԸ ԵՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է» Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայրապետական Մաղթանք Անթիլիասի Մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 20-րդ Տարեդարձին Առիթով   «ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆ, ՈՐԱԿԸ ԵՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է»  Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 28 Յունիս 2015-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հարապետին ընտրութեան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

  Ուրբաթ, 26 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ Դեսպան Տիար Ֆրանսուա Պարրաս։             Երկար Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին և Դեսպանին միջեւ, որու ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու և Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր՝ այդ ծիրէն ներս ԱՐՄԵՆՕՖԱՍի գործունէութիւնը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, ընկերակցութեամբ՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական Խաղերու Փոխ-ատենապետ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեանին: Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր։ Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին, յառաջիկայ Կիրակի Անթիլիասի Նահատակաց մատրան առջեւ տեղի ունենալիք ջահավառութեան ձեռնարկին…

His Holiness Aram I receives the Bureau of the Armenian Revolutionary Federation (ARF)

24 June 2015. The members of the ARF Bureau, headed by its leader Hrant Markarian, visited His Holiness Aram I. They discussed a wide range of issues of mutual interest, including the strengthening of relations between Armenia and the diaspora, the recent popular uprisings in Armenia, the lawsuit against the Constitutional Court of Turkey filed…

«ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԴԱՐՁԱՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՀԻՄՆ ՀԱՒԱՏՔԻ ՏԱՃԱՐ, ՀՈԳԵ-ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՎԱՌԱՐԱՆ ԵՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԵՐԱԶՆԵՐՈՒՆ ՀՆՈՑ»   Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Երկուշաբթի, 22 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 85-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, ուսուցիչներու, բարերարներու, ծնողներու եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող ժողովուրդի: Բացման խօսքը կատարեց Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեան, որ…

«ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ` ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒԻՆ ԵՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՆԱՀԱՆՋԸ» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքներուն եւ «Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացք»ին առիթով`     «ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ` ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒԻՆ ԵՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՆԱՀԱՆՋԸ»   ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս                 21 Յունիս 2015-ի Կիրակին յատուկ նշանակութիւն ստացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Վեհարանի ընդարձակ դահլիճը ամբողջութեամբ գրաւուած էր միաբաններու, Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, ազգայիններու,…

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 21 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինումով եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի սաները՝ Աւետիս Կիս. Սրկ. Ասայեան, Նարեկ Կիս. Սրկ. Յովհաննէսեան, Յովհաննէս Կիս. Սրկ. Սէլլումեան, Նորայր Կիս. Սրկ. Տալգլըճեան եւ քահանայից պատրաստութեան դասարանի ուսանող՝ Բաբգէն Կիս. Սրկ. Զէնեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ…

«ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՊԱՀԱՆՋԸ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼՆ Է»: Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Փարիզի մէջ

Ուրբաթ, 19 Յունիս 2015-ին, Փարիզի խորհրդարանի հրապարակային ձեռնարկներու յատուկ սրահին մէջ տեղի ունեցող Հայ Դատին նուիրուած համագումարին փացումը կատարելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց թէ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատին նպատակը յստակ է.- Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձն է: Արդ, դատավարական ընթացքին առնչուած մօտեցումները պէտք չէ շփոթել դատին նպատակին հետ:…

«ՍԻՐԷ´ ՔՈՒ ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԴ ԱՄԲՈՂՋ ՍՐՏՈՎԴ»

«Սիրէ´ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ»: Սիրտը մարդկային մեր բոլոր զգացումներուն ակն է: Ամբողջ սրտով զԱստուած սիրել, կը նշանակէ մեր ամբողջ զգացումներով կապուիլ իրեն, որպէսզի ինք դառնայ մեր զգլխիչ ապրումն ու մեր ամենօրեայ մտածումը: Ամբողջ սրտով զԱստուած սիրելը անոր ներկայութեան մէջ ապրիլ է, անոր սիրոյն մէջ աճիլ է, անոր Հոգիով եռալ է, մեր ուշադրութիւնը միայն…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ՄԻԱՄԵԱՅ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՎԿԱՅԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ՄԻԱՄԵԱՅ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՎԿԱՅԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ   Նախագահութեամբ եւ Ձեռամբ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ   Տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 21 Յունիս 2015-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, Վեհարանի դահլիճին մէջ:          ՀՐԱՒԷՐ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՐՁԱՆ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

  Շաբաթ, 13 եւ Կիրակի, 14 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչները յատուկ պատուիրակութեամբ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Դամասկոսի մէջ մասնակցեցան Ասորի Եկեղեցւոյ միւռոնի օրհնութեան եւ ծիսական շարք մը արարողութիւններու։ Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական աննպաստ կացութեան, սոյն հոգեպարար երկօրեայ արարողութիւններուն մասնակից դարձան տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի…

Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն   ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ՊԱՀԱՆՋԸ  

Շուրջ երկու ամիսներ առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ճամբով, լայն բացատրութիւններ տուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին մասին: Սոյն հաղորդագրութեամբ կարեւոր կը նկատենք անհրաժեշտ յստակեցումներ կատարել՝ 28 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած նոյն դատին էութեան ու նպատակին վերաբերեալ:             Արդարեւ,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Կիրակի, 7 Յունիս-Շաբաթ, 13 Յունիս 2015, Ս. Էջմիածնի մէջ, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ, Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան անդամ՝ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, ի պաշտօնէ, ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան։ Ժողովի բացման նիստին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին…

ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

        Կիրակի, 14 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց դասարաններու աշակերտները, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան խոնարհ աստիճանները ստացան։             Դպրեվանքի տեսչութիւնը Կիսասարկաւագական ձեռնադրութեան արժանացուց Դ. Ժառանգաւորացի Չորս սաները՝ Ճորճ Աբրահամեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Գանատա տուած պաշտօնական կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, Օթթաուայի մէջ այցելեց Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ Դեսպան Արմէն Եկանեանի եւ դեսպանատան աշխատակազմին կողմէ: Դեսպանը Նորին Սրբութեան տեղեակ պահեց դեսպանատան տարած աշխատանքներուն մասին, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մշակութային մակարդակներու վրայ: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին շեշտեց հայ եւ գանատացի ժողովուրդներուն բարեկամութեան կարեւորութիւնը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ Ա.Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

  Ա.Մ. Նահանգներուն Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ գումարուող Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովին: Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան, վստահեցնելով թէ Հովուապետական այս այցելութիւնը նոր աւիւն պիտի ներարկէ Թեմին ազգային-եկեղեցական ծառայական կեանքէն ներս, իսկ Հայրապետական…

Legal Avenues for Armenian Genocide Reparations Օրինական Ուղիներ Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ “Legal Avenues for Armenian Genocide Reparation” «Օրինական Ուղիներ Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման» հատորը: Սոյն հատորին մէջ ամփոփուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ճանաչումէն հատուցում» միջազգային համագումարին նիւթերն ու դասախօսութիւնները: Երկօրեայ այս համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւելի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

     Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, վեցերորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական եւ Հայագիտական Հարցերու Գրասենեակի կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցումները հասան իրենց աւարտին։             Շաբաթ, 14 Մարտ 2015-ին, հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցումով սկսած «Խաչիկ Պապիկեան» մրցաշարքերու առաջին հանդիպումին նախ յաջորդեցին ասմունքի, ապա` Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՓՈԽ-ՆԱԽԱԳԱՀ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, իմացաւ Ա.Մ. Նահանգներուն Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի որդիին՝ Պօ Պայտընին մահուան լուրը: Այս տխուր առիթով Նորին Սրբութիւնը Պոսթընէն ցաւակցական նամակ մը յղեց Փոխ-նախագահին: Ստորեւ ցաւակցագիր նամակին թարգմանութիւնը. Սիրելի Փոխ-նախագահ Պայտըն, Խոր ցաւով իմացանք ձեր որդիին՝ Պօ Պայտընին մահը, որ պատահեցաւ յետ իր կարճատեւ հիւանդութեան:…

ՏԷ´Ր, ՈՐՈ՞ՒՆ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՆՔ

Քրիստոս «դժուարամարս» պատգամ մը ներկայացուց եւ շատեր իր հետեւորդներէն հեռացան իրմէ: Ան տեսնելով որ շատեր հեռացան իրմէ, դարձաւ իր 12 աշակերտներուն եւ հարցուց. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»: Պետրոս տուաւ իր հոգելիր պատասխանը. «Տէ´ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո´ւն ունիս» (Յհ 6.68): Քրիստոսի հետեւորդները իրենք զիրենք դժուարութեան մը դէմ յանդիման գտան, եւ…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՄԷՋ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԿՐՕՆԻՑ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԿԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Օթթաուայի մէջ, Գանատա, երկար հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի Կրօնից Ազատութեան Նախարար Դոկտ. Էնտրու Պէննըթի եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:             Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնն ու Նախարարը արծարծեցին կրօններու ազատութեան հրամայականին եւ սկզբունքներուն առնչուող զանազան հարցեր: Նախարար Պէննըթ նշեց, թէ այս օրերուն Միջին Արեւելքի անցուդարձերը իրենց օրակարգին վրայ հրատապ հարց են…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

  Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Ծերակոյտի Նախագահ Լեօ Յուսագոսի հետ եւ շնորհաւորեց Պրն. Յուսագոսի նոր պաշտօնին նշանակումը:             Նախագահը իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ խօսեցաւ հայ ժողովուրդին բերած ներդրումին Գանատայի ծաղկման եւ իբր կազմակերպ համայնք ունեցած կարեւոր դերակատարութեան:             Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Օթթաուայի մէջ, Գանատա, աւելի քան ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Ճէյսըն Քէնիի հետ: Վեհափառ Հայրապետն ու Պաշտպանութեան նախարարը անձնական բարեկամներ ըլլալով եւ Անթիլիասի ու Գանատայի մէջ յաճախակի առիթներով հանդիպած ըլլալով մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ու իրապաշտ մօտեցումով քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնց կարգին՝ Միջին Արեւելքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԹԻՎԸՆ ՀԱՐՓԸՐԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Օթթաուայի մէջ, Գանատա, հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Վարչապետ Ն.Վ. Սթիվըն Հարփըրին հետ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Գանատայի ժողովուրդին ու կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իրենց որդեգրած յստակ կեցուածքին համար: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ու յատկապէս Սուրիայէն ներս տիրող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 3 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախաճաշ ունեցաւ գաղութի զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն խօսեցաւ եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան գաղութի ազգային եւ եկեղեցական կեանքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ: Ան ըսաւ. «Մեր բոլոր կազմակերպութիւնները զիրար կամրջողը նոյն եւ մէկ նպատակն է՝ ծառայել մեր ազգին ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊՈՍԹԸՆԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը, ընկերակցութեամբ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի եւ միաբան հայրերու: Դպրոցին մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցա Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւ. Քհնյ Պալճեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնուհի…

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

«Եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք» (Մտ 18.1-3): Ո՜վ մեծ մարդիկ, մեծադիրք ու մեծապաշտօն մարդիկ, մեծնալ սիրող ու մեծութեան ցանկացող մարդիկ, եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս փոքր ու փոքրութիւնը սիրող չըլլաք՝ երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Արքայութիւնը փոքրիկներուն տեղն է: Մեծամոլ մարդուն համար դժուար է մեծարել զԱստուած: Մեծ կոչուիլ ուզող մը՝ Աստուծոյ…

ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ (Ա. ՀԱՏՈՐ)

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ, Մայիս ամսուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ, Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Ա. Հատորը: Իր տեսակին մէջ եզակի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» տասը հատորներու վրայ փռուած երկը, սովորական իմաստով սոսկ մատեան մը չէ, այլ տեսակ մը հրաբխային ժայթք, որ անընդհատ կը յորդի: Ի վերջոյ հոն թաղուած են…

«ՍԷՐՆ ՈՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՄՂԻՉ ՈՒԺԸ ԴԱՌՆԱՆՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿԱՆԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԻՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ» Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պոսթընի մէջ

Կիրակի, 31 Մայիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Հայրապետական պատգամ փոխանցեց Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: Առընթերականերն էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան: Ներկայ էին Պոսթընի եւ Նիւ Ինկլընտ շրջանի հազարէն աւելի հայորդիներ,…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Շաբաթ, 30 Մայիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին Հովուապետական այցելութեան շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Փրովիտընսի, Րոտ Այլընտ, գերեզմանատան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն յիշատակին կառուցուած յուշարձանը, ուր կատարուեցաւ կարճ արարողութիւն՝ երգուեցաւ «Գոչեմք առ քեզ» նահատակներու նուիրուած շարականը եւ «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքը:             Ապա, Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ նոյն քաղաքի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 30 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պոսթընի մէջ հանդիպում ունեցաւ Նիւ Ինկլընտ շրջանի երիտասարդութեան հետ: Նշենք, որ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան ընթացքին այս երրորդ հանդիպումն էր երիտասարդութեան հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.…

ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԻՐ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱՏՈՒՑԱՆԵԼՈՎ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՈՒ ԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը իր 14-րդ համաժողովին աշխատանքները սկսաւ 21 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարդայի մէջ, ընդհանուր բնաբան ունենալով՝ «Միասնաբար Աստուծոյ տան մէջ»: Եօթը աշխատանքային օրերու վրայ տարածուող սոյն համագումարին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (Թեհրան), Դոկտ. Վաչիկ Հայրապետեան (Սպահան) եւ Օրդ. Անի Քրիստի Մանուէլեան (Թեհրան): Ժողովի…

«ՄԷԿ ԱԶԳԻ, ՄԷԿ ԱՆՑԵԱԼԻ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԻՇՆ Է ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՂԲԻՒՐԸ ՄԵՐ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Ուրբաթ, 29 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Նիւ Ինկլընտ շրջանի եկեղեցիներուն, պաշտօնական ճաշկերոյթ տրուեցաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան առիթով: Ներկայ էին նաեւ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ Ա.Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆ ՃՈՆ ԷՎԸՆՍԸ

Ընդառաջելով Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն եւ Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Հինգշաբթի 28 Մայիս 2015-ին, Պոսթընի մէջ, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան նուիրուած ձեռնարկի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Ա.Մ. Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընսը, որ 10 տարի առաջ, անսալով մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան արժէքներու իր ներքին ձայնին յայտարարած…

«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՐՁԱՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱԶՈՒՐԿ. ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՔԸ ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պոսթընի մէջ

  Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2015-ին, Պոսթընի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան նուիրուած հանդիսութիւն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ներկայ էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Հովուապետական այցելութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ

«2015 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՈԳԻՆ, ՀԱՒԱՏՔԸ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՈՒ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ. ԱՅՍ Է ԻՄԱՍՏԸ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ»   Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, շարունակելով Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութիւնը, ժամանեց Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցին: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԸ

  Կիրակի, 24 Մայիս 2015-ին, Բիթցպըրկի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հայ Երիտասարդաց Միութեան բանակավայրը: Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան եւ Հովուապետական այցելութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԽՕՍՔԸ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՄԱՆ

  Սուգի մէջ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, որովհետեւ սա պահուն հողին կը յանձնուի իր երէց եւ նուիրեալ միաբաններէն Տ. Կորիւն Արք. Պապեանը: Սուգի մէջ է նաեւ Հայ Եկեղեցին, որովհետեւ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութեան շուրջ կէս դար իր գործօն մասնակցութիւնը բերած յանձնառու հոգեւորականներէն Տ. Կորիւն Արքեպիսկոպոս կը հեռանայ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայական կեանքէն:   Մեր…

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ԿՈՐԻՒՆ Ս. ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆԻ

          Շաբաթ, 23 Մայիս 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ. Արք. Թապագեանի ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն, ժողովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, հրաժեշտ տուաւ Կիլիկեան Ուխտի երիցագոյն միաբաններէն, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, հմուտ հայագէտին, ծիսագէտին, աստուածաբանին եւ Տնօրէն Ժողովի ատենապետ՝ Տ. Կորիւն Ս. Արք. Պապեանին։             Առաւօտուն, միաբան…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՏԵՂԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՅԱՌԱՋԱՑՆԵԼ ՆԵՐՔԻՆ ՅԱՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, 22 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Տիթրոյթի մէջ հանդիպում ունեցաւ համայնքի կեանքէն ներս գործող զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան եւ շքախումբի միւս անդամները: Հանդիպումի աւարտին Նորին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 2017 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

2017 թուականի Աշնան, միջազգային համբաւ վայելող Մեթրոփոլիթըն թանգարանի կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս մը նուիրուած հայ մշակոյթին: Ցուցահանդէսին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հայ մշակոյթը ներկայացնել այլ մշակոյթներու՝ յունական, ասորական, բիւզանդական, պարսկական, թրքական ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս եւրոպական ու ասիական մշակոյթներու հետ ունեցած փոխազդեցութեան ծիրէն ներս: Մեթրոփոլիթըն թանգարանի պատասխանատուները հանդիպում ունեցան Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարարնին մէջ եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՒ ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2015-ին, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հիւպատոս Պիլալ Քապալանի եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւորականներու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հիւպատոսի Տիթրոյթի բնակարանին մէջ: Ներկայ էին քսան բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Խօսք առնելով հիւպատոսը ողջունեց Նորին Սուրբ Օծութեան Տիթրոյթ այցելութիւնը: Ան յիշեց Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերակատարութիւնը ոչ միայն Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի մէջ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը լսելէ ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի մահուան գոյժը, ուղղուեցաւ Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր ան կը գտնուէր Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան առիթով: Նորին Սրբութեան ընկերացան Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան,…

ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ (1941-2015)

Աւազանի անունով Վարդգէս, ծնած է Պուրճ Համուտի Նոր Արագած թաղամասին մէջ։ Յաճախած է Նոր Սիսի Աքսոր Գասարճեան _ այդ օրերուն Լուսինեան_ Ազգային երկսեռ վարժարանը։ Իր միջնակարգ ուսումը կատարելէ ետք Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, 1957-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի աւարտական դասարանը եւ 1958-ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ։ Այնուհետեւ երեք տարիներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԻԹՐՈՅԻԹԻ ՄԷՋ

                  Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2015-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Նիւ Եորքէն ժամանեց Տիթրոյիթ, շարունակելու Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութիւնը: Տիթրոյիթի մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի մնայ չորս օր եւ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ գաղութային եւ միջ-կրօնական մակարդակներու վրայ:   Երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ Ա.Մ. Նահանգներու…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՊԱՅԾԱՌԱՆԱՅ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ԻՐ ՀԱՒԱՏՔԻ ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հրաշափառ»ի արարողութիւն Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ     Երեքշաբթի, 19 Մայիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային լեցուն օր մը ունեցաւ, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմ կատարած Հովուապետական այցելութեան Նիւ Եորքի շրջանին յատկացուած վերջին օրուան ընթացքին:               Երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցին, ընկերակցութեամբ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդ Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶԻ (THE NEW YORK TIMES) ՀԵՏ

Armenian Church Leader Speaks on Suit to Reclaim Seized Property A lawsuit in Turkey filed by the Armenian Church to recover its ancient headquarters, seized a century ago during the Armenian genocide, is the “first legal step” of a goal to reclaim all Armenian property seized by the Turks, a worldwide leader of the church said Monday. The…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Կիրակի, 17 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ պատգամ փոխանցեց առաջնորդանիստ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Առընթերականերն էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 16 Մայիս 2015-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի, քահանայ հայրերու եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Թեմի երիտասարդական յանձնախումբը Մայր Եկեղեցւոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նիւ Ճըրզի: Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը իր շքախումբին ընկերակցութեամբ եւ ոստիկանական ջոկատի ուղեկցութեամբ ժամանեց Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւին եւ քահանայ հայրերուն, հոգաբարձութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Եկեղեցւոյ մուտքին տեղի ունեցաւ հացի…

«ԶԳՈՅՇ ՀԱՐԿ Է ԸԼԼԱԼ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԱՆՀԻՄՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵԼԷ ՈՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ՅԱՅՏՆԵԼԷ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի համայնքային շուրջ 100 պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Սիսի Կաթողիկոսարանի պատմական կալուածի վերադարձի գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատին, Սուրիոյ հայութեան, Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՄԷՋ

      Շարունակելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ֆիլատելֆիա, ընկերակցութեամբ՝ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի, Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հովուապետական այցելութեան առընթեր, մօտէն կը հետեւի Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացած դատին: Այս շրջագիծէն ներս Նորին Սրբութիւնը Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ դատի յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ. Թաներ Աքչամին հետ: Թաներ Աքչամ դրական արժեւորումը կատարեց ցարդ կատարուած աշխատանքին : Վեհափառ Հայրապետը ընդգծելով վերջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ Ա.Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

  Երկուշաբթի, 11 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի Դեսպան Տիար Անթուան Շտիտին: Դեսպանը ողջունեց Նորին Սրբութեան Լիբանանի դեսպանատուն այցելութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին նշեց, թէ օտար երկիրներ այցելութեանց ընթացքին, իրեն համար պարտականութիւն կը նկատէ այցելել Լիբանանի դեսպանատուները եւ մօտէն հետաքրքրուիլ դեսպանատան աշխատանքներով:  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՍԿՍԱՒ Ա.Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

  «ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇՐՋԱԳԻԾ, ԹՈՒԱԿԱՆ ԵՒ ՎԱՅՐ ՉԻ՛ ՃԱՆՉՆԱՐ: ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Կիրակի, 10 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան սկսաւ եւ այցելեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ…

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄԸ

9 Մայիս, 2015-ի երեկոյեան, Ուաշինկթընի Մարյոթ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան, Կիլիկեան ու Էջմիածնական թեմերու, 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի կազմակերպած եռօրեայ ձեռնարկներու եզրափակիչ ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն եւ աւելի քան երկու հազար հայորդիներու:   Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ ամերիկացի զանազան պետական, քաղաքական ու օտար…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Ուաշինկթընի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով կատարուող ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 9 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ «Անարատ Յղութիւն» Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագը մատուցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Առընթերականերն էին, Հայ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան երկու թեմերու առաջնորդներ՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՒՆԵՑ «ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ

Ուաշինկթընի մէջ շարունակելով իր հանդիպումները՝ պետական, համայնքային ու կրօնական ներկայացուցիչներու հետ, Ուրբաթ, 8 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» ամերիկեան համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիի եւ աւագ խորհրդական Անտրու Տորանի:   Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց՝ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական համայնքներու գծով յիշեալ համախմբումին կատարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վերջերս…

ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ ՈՒՐԻՇԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Պօղոս առաքեալ Դամասկոսի ճամբուն վրայ Քրիստոսի հանդիպելէ ետք, հազարաւոր մարդոց Քրիստոսի հետ հանդիպման պատճառ դարձաւ: Ան խորապէս կ’անդրադառնար որ Քրիստոսով Աստուծոյ հետ հաշտուած մարդուն կոչումն է «ուրիշներն ալ հաշտութեան բերել» (Բ.Կր 5.18): Հաշտութիւնը փրկութեան առաջնորդող միջոց մը չէ, այլ փրկութիւնն իսկ: Իսկ փրկութիւնը Փրկիչէն տարբեր բան չէ: Փրկիչին համը առնող մարդը, անկարելի է որ չաշխատի…

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՃԻՐ Է ԸՆԴԴԷՄ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի մէջ

  «Եթէ նոյնիսկ Ցեղասպանութիւն բառը միջազգային օրէնքի բառամթերքին մաս չէր կազմեր 1915-ին, այն ինչ որ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ցեղասպանութիւն էր իր նպատակով եւ իր մեթոտներով՝ այլ խօսքով ոճիր ընդդէմ մարդկութեան», հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ուաշինկթընի Ազգային Մայր Տաճարին մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՂՕԹՔՈՎ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՍԷՆԱԹԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՅԻՇԵԼՈՎ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 7 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ Ուաշինկթըն՝ Քաբիթոլ Հիլ, ուր աղօթքով սէնաթին բացումը կատարեց: Նախքան բացման արարողութիւնը Վեհափառ Հայրապետը յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ Սէնաթոր Ճէգ Րիտի, Դեմոկրատ Կուսակցութեան ղեկավար՝ Սէնաթոր Հէրի Րէյտի եւ Սէնաթոր Տայան Ֆայնըսթայնի հետ: Նորին Սրբութիւնը սէնաթորներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Ընդառաջելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ Ազգային Վարչութեան հրաւէրին, Չորեքշաբթի, 6 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Ուաշինկթընի, Նիւ Ճըրզիի,  Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Տիթրոյթի, Շիքակօյի եւ այլ շրջաններու համայնքները ու իր Հայրապետական պատգամը պիտի փոխանցէ մեր ժողովուրդի…

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՊԱՀԱՆՋՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ»   «100-ԱՄԵԱԿԷՆ ՅԵՏՈՅ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՈՒ ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄ»   Ինչպէս մամուլով յայտարարուած էր, 28 Ապրիլին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ դատ բացաւ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Նկատի ունենալով սոյն իրաւական քայլին պատմական նշանակութիւնը ու եզակի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՍԵՐՊԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 2 Մայիս, 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սերպիոյ դեսպան՝ Ալեքսանտըր Րէսթիչի:     Այցելութեան նպատակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով զօրակցութիւն յայտնել հայ ժողովուրդին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը եւ հայ ու սերպ ժողովուրդներուն յարաբերութիւնները:     Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Հայաստանի եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՊԱՐԻԻ (ԻՏԱԼԻԱ) ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

29-30 Ապրիլ, 2015-ին Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ, Վատիկանի հովանիին տակ գործող Սէնթ Էճիտիոյ կազմակերպութիւնը, «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ապագան» նիւթով միջազգային համագումար մը կազմակերպած էր: Սոյն համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելքի զանազան եկեղեցիներու պատրիարքներ եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու արտաքին նախարարներու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մարդասիրկան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:…

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ 60 ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՒ ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Կիրակի, 3 Մայիս 2015-ին, «Ատյան» (ADYAN) միջ-կրօնական լիբանանեան ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ շուրջ 60 քրիստոնեայ եւ իսլամ համալսարանականներ հրաւիրուեցան Անթիլիասի Մայրավանք: Անոնք, այցելեցին վերանորոգուած եւ Ապրիլ 24-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ օծուած Նահատակաց մատուռը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին յուշակութողն է, ուր նաեւ ամփոփուած են մեր մէկուկէս միլիոն սուրբերու նշխարներէն մաս մը, որպէս յուշարար Հայոց…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

28 Ապրիլ-1 Մայիս 2015-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը,  Պոսէի Միջ-եկեղեցական Կազմաւորման իր կեդրոնին մէջ, Ժընեւ-Զուիցերիա, հրաւիրած էր անդամ եկեղեցիներու միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց շուրջ 40 պատասխանատուներ: Սոյն ժողովը, որ կը գումարուի երկու տարին անգամ մը, նպատակ ունի իրազեկ դարձնել եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Խորհուրդին տարած աշխատանքներուն, ծանօթանալու եկեղեցիներուն կողմէ կատարուող միջ-եկեղեցական գործունէութեանց եւ սերտացնել եկեղեցիներուն ու Խորհուրդին գործակցութիւնը: Յանուն Մեծի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՔԱԹԱԼՈԿԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ The Armenian Catholicosate of Cilicia: History, Treasures, Mission

Ապրիլ ամսուան մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսաւ « The Armenian Catholicosate Of Cilicia: History, Treasures, Mission» հատորը, որ կը բովանդակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութիւնը՝ Սիսէն մինչեւ օրերս: Հատորը նաեւ կը ներառէ Կիլիկիոյ հոգեւոր եւ մշակութային գանձերու ամբողջական եւ հարազատ պատկերը, ինչպէս՝ ձեռագրեր, մետաղեայ զարդեղէններ, եկեղեցական սպասներ, հանդերձներ, գորգագործութիւն, նկարչութիւն եւ…

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԻԼԻԿԻԱՅԷՆ ԴԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏՈՂ ՆԵՐԿԱՅ ԿԻԼԻԿԻԱՆ (Եօթը Նորընծաներու Ձեռնադրութեան առիթով)

Սուրբ Աթոռիս Վեհափառ Հայրապետին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինումով ու հրամանով, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կուսակրօնութեան կարգ կը շնորհէ եօթը նորընծաներու, որոնց միախառնումովը միաբանութեանս շարքին, բերկրանքը կը համակէ մեր սիրտը ու արդար հպարտութիւնը կը պարուրէ մեր հոգին, բայց բերկրանքն ու արդար հպարտութիւնը առաւելաբար կը պարուրեն ու պէ´տք է պարուրեն սիրտն ու հոգին Սուրբ Աթոռիս արժանընտիր ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԻՆ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

«Նիւ Եորք Թայմզ» Կ՛անդրադառնայ Կաթողիկոսարանի Յարուցած Դատին . Ուաշինկթընի Մէջ Կատարուած Մամլոյ Ասուլիսի Ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերաշեշտէ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքը Քանի մը ժամ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին աջակցութեամբ մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի Մամլոյ ազգային ակուբին մէջ: Հրաւիրուած էին Ուաշինկթընի մէջ գործող Միացեալ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները այս օրերուն միջազգային հետեւեալ կարեւոր ժողովներուն կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը.-   Մարոքի մէջ տեղի կ’ունենայ միջ-կրօնական համագումար մը. նիւթ ունենալով՝ «Կրօններու դերը ցեղասպանութեան և ընդհանրապէս բռնութեան կանխարգիլման գծով»։ Այս համագումարին կը մասնակցի Դոկտ. Ժան Սալմանեան։   ժընեւի մէջ տեղի կ’ունենայ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատուներու հանդիպում, նպատակ ունենալով միջ-եկեղեցական շարժումին նոր կենսունակութիւն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՏ ԲԱՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ

Կ’ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այսօր, Երեքշաբթի 28 Ապրիլ 2015-ին դատ բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի իր պատմական Կաթողիկոսարանին վերադարձը։   Քաղաքական պայմաններու հետեւանքով Կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ զանազան շրջաններուն մէջ հաստատուելէ յետոյ 1295-ին իր կայքը հաստատած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ։ 1921-ին Օսմանեան թուրք կառավարութիւնը երկու օրուան պայմանաժամ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ ԿԸ ԽՏԱՆԱՆ ԵՕԹԸ ՆՈՐԱՕԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով եւ ի յիշատակ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերուն, իր միաբանական շարքերէն ներս ընդունեց եօթը նորաօծ ուխտեալ միաբաններ, որոնք եկան միանգամայն փաստը հանդիսանալու ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ աստանդական Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերածաղկման եւ հայ ժողովուրդի հաստատակամ ամրակուռ հաւատքին:   Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Մայր Տաճարին մէջ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ԵՕԹԸ ՆՈՐ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՎ

Ապրիլ 24-ի Մեր պատգամին մէջ շեշտեցինք, թէ հայ ժողովուրդը յաղթեց ցեղասպան թուրքին: Այսօր, շարունակելով Մեր Ապրիլ 24-ի պատգամը կ’ուզենք նաեւ շեշտել, որ մենք յաղթեցինք ցեղասպանին մեր Եկեղեցին աւելի պայծառացնելով իր հաւատքի առաքելութեամբ: Մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբացումը վստահաբար նոր մղում պիտի տայ մեր Եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ծառայութեան: Ահաւասիկ այսօր, Աստուծոյ, մեր Եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան…

ՄԵՆՔ ՅԱՂԹԵՑԻ՛ՆՔ ՑԵՂԱՍՊԱՆԻՆ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, զոր տուաւ Ուրբաթ, 24 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ապրիլեան Նահատակաց Մատրան առջեւ կատարուած եկեղեցական արարողութենէն ետք, հայ թէ օտար՝ կրօնական, պետական, քաղաքական, դիւանագիտական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան ներկայութեան։   Կիլիկիոյ մէջ իր ժողովուրդին ջարդը ապրած ու 24 Ապրիլ 1915-ին դէպի թրքական եաթաղան առաջնորդուած Դանիէլ Վարուժան…

ԱՊՐԻ՛Լ ՈՒ ԳՈՐԾԵ՛Լ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ԿՏԱԿԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ

  Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, արտասանուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան ընթացքին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 23 Ապրիլ, 2015-ին։               «Որք զօրութեամբ Սուրբ Հոգւոյն վանեցիք զպատերազմն չարին» (Ժամագիրք էջ 165)։               Հայ եկեղեցին այս պարզ սակայն խորիմաստ բառերով կը բնութագրէ սուրբերը, որպէս Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ լեցուած՝ չարը յաղթող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2015-ի առաւօտ կանուխ, յատուկ օդանաւով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Հայաստան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ միասին նախագահելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան։  Նորին Սուրբ Օծութեան կ’ընկերանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութենէն եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ։ Վեհափառ Հայրապետը սրբադասման արարողութենէն անմիջապէս յետոյ, նոյն գիշերը պիտի վերադառնայ Անթիլիասի Մայրավանքը, նախագահելու Ապրիլ 24-ի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՖԱՐԱՈՒՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԷՅՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Լիբանանի Զբօսաշրջիկութեան Նախարար եւ Երեսփոխան Միշէլ Ֆարաունի առաջնորդութեամբ, Պէյրութի շրջանը ներկայացնող շուրջ 50 լիբանանցի երեւելի դէմքերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:   Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս պատուիրակութեան ներկայութիւնը, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառները եւ հետեւանքները: Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2015-ի երեկոյեան, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց, Սուրիոյ մէջ դժնդակ պայմաններու բերումով Լիբանան ապաստանած, Սուրիոյ հայ համայնքի զաւակները: Հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան եւ սուրիահպատակ Միաբան Հայրեր: Ողջունելով ներկաները, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն…