«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏ ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ԴԱՏ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ՝ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեւանի մէջ

Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստան-Սփիւռք Ե. համաժողովի բացման նիստին, իր Հայրապետական Պատգամը ուղղելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ըսաւ. «Չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր ազգին բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ. անտարբերութիւնը ազգային դաւաճանութիւն է։ Հետեւաբար, կոչուած ենք 100-ամեակը բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ նշելու ու զայն արժեւորելու այնպիսի իրագործումներով, որոնք մնայուն հետք կը թողուն ու նոր հունաւորում կու տան Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն»: Անդրադառնալէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով անցնող տասնամեակներուն տարուած մեծապէս գնահատելի աշխատանքին, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց թէ՝ «Ժամանակը հասած է որ Հայ Դատի աշխատանքները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին փոխադրենք իրաւական դաշտ»։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը մեր ազգը ներկայացնող համաժողովին առջեւ, առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց թէ՝ «ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏ ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ ԴԱՏ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ԻՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ԻՐ ԻՐԱՒԱՏԻՐՈՋ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ»: Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց թէ անցնող երկու տարիներու ընթացքին իր անմիջական հսկողութեամբ, այս գծով հետեւողական աշխատանք տարուած է միջազգային օրէնքի մասնագէտներու հետ: Ապա, Նորին Սրբութիւնը աւելցուց. «ԱՅՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ, ԵՐԲ ՄԵՐ ԴԱՏԸ ՄԵՐԺՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ, ԶԱՅՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ»:

Վեհափառ Հայրապետը յիշեցնելէ յետոյ, որ յիշեալ դատը անխուսափելի կերպով դուռը պիտի բանայ մեր եկեղեցապատկան, ազգապատկան ու սեփական կալուածներու վերադարձի թղթածրարին, հաստատեց. «Եթէ դատը շահինք, պատիւը ու յաղթանակը կ’երթայ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին ու եկեղեցւոյ։ Իսկ եթէ դատը կորսնցնենք, դա՛րձեալ յաղթած կ’ըլլանք, որովհետեւ ցեղասպանին ու միջազգային համայնքին գործնապէս յիշեցուցած կ’ըլլանք թէ հայ ժողովուրդը կը մնայ պահանջատէր իր իրաւունքներուն, որքան ալ տարիներու թիւը մեզ հեռացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան թուականէն»։ Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ՝ «Նիւթական կարեւոր ներդրում կ’ենթադրէ այս դատը։ Բոլոր պարագաներուն, մենք կը վստահինք մեր ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովուրդն է եւ եկեղեցական որեւէ կեդրոն մեր ժողովուրդին սեփականութիւնն է»:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին յայտարարութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ համաժողովին կողմէ: