Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2014-ին, Հիւսիսային Յունաստանէն Աթէնք վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր իջեւանած պանդոկին մէջ ունեցաւ հետեւեալ հանդիպումները:
Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Յունաստանի Պետական Բարեկարգումի նախարար Քիրիաքոս Մետծօթաքիս: Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետին ներկայութեան տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան առաւելաբար հայ համայնքին հետ առնչուած հարցեր: Այս ծիրէն ներս, ընդառաջելով Նորին Սրբութեան փափաքին, նախարարը խոստացաւ ազգային վարժարաններէն ներս դասաւանդող հայ ուսուցիչներուն կապուած մի քանի կարեւոր հարցերուն վերջնական ու մնայուն լուծում տալ:
Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Յունաստանի վարչապետին անձնական ներկայացուցիչը՝ Տիար Տէմոսթէնէս Տավվէթաս, որ եկած էր Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահելու, թէ՛ Յունաստանի եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի հետ առնչուած կարգ մը հարցերու մասին:
Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց եւ հարցազրոյց մը ունեցաւ Աթէնքի ռատիոյի ներկայացուցիչը՝ Տիար Աթանասոբուլոս Թասսոս: Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ իր այցելութեան, Միջին Արեւելքի կացութեան, Յունաստանի հայ գաղութին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ աղերս ունեցող նիւթերուն շուրջ: