Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը տասնմէկ հոգիներէ բաղկացած Լ. Օ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան։
Այցելութեան նպատակն էր ստանալ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը և թելադրանքները։ Լ. Օ. Խաչի վարչութիւնը Նորին Սրբութեան պարզեցին յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց աշխատանքի ծրագիրը։
Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս գնահատեց Օգնութեան Խաչի ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն և կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ ընկերաբժշկական մարզէն ներս։ Ան յատկապէս ողջունեց Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով Լիբանան հաստատուած Սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն մատուցուած ծառայութինը ։
Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը վերաշեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը այն բոլոր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն, որոնց նպատակն է օգտակար հանդիսանալ Սուրիահայ ընտանիքներուն դիմագրաւած կարիքներուն։