Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՊԱՏՈՒՈՅ ԴՈԿՏՈՐԱՅ

Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով Աթէնքի համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրին, դասախօսութիւն մը տուաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան նիւթին շուրջ: Դասախօսութեան ներկայ էին վարչապետին եւ Յունաստանի եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, ակադեմական ու պետական շրջանակներ ներկայացնող բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

 

Համալսարանի նախագահը խօսք առնելով ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին կենսագրութիւնը: Ան նշեց բոլոր համալսարանները եւ վկայականները (M.Div. Մագիստրոս Աստուածաբանութեան, S.T.M. Ծայրագոյն Մագիստրոս Մերձաւոր Արեւելքի Պատմութեան եւ Ph.D. Դոկտոր Փիլիսոբայութեան), որոնք Նորին Սրբութիւնը ստացած է:

 

Ապա, համալսարանի տնօրէնը ներկայացնելով Արամ Ա. Կաթողիկոսի գործունէութիւնը, յատկապէս աստուածաբանական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերէն ներս, մէջբերումներ կատարեց Վեհափառ Հայրապետին աշխատասիրութիւններէն եւ զինք ներկայացուց որպէս ներկայ ժամանակներու աչքառու աստուածաբան, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական երկխօսութեան ռահվիրայ եւ միջազգային առումով կրօնական դէմք: Մեկնելով այս իրողութենէն տնօրէնը ըսաւ, թէ համալսարանի վերին իշխանութիւնը որոշած է Նորին Սրբութեան շնորհել Աթէնքի համալսարանի պատուոյ դոկտորայի տիտղոս, եզակի տիտղոս մը, որ բացառիկ կարողութիւններու տէր անձերու կը շնորհուի, շեշտեց տնօրէնը: Արտասանուած խօսքերէն ետք կարդացուեցաւ պատուոյ դոկտորայի տուուչութեան պաշտօնագիրը:

 

Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուեցաւ դասախօսութիւն տալու: Ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապը, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները պէտք չէ դիտողի դերին մէջ ըլլան, այլ պէտք է մասնակից դառնան այն բոլոր աշխատանքներուն, որոնց նպատակը ժողովրդավարական կարգերու հաստատումն է: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ըսաւ, թէ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս կը մերժէ փոքրամասնութիւն ըլլալու մօտեցումը, այլ կը պահանջէ իր իրաւունքները որպէս համահաւասար քաղաքացիներ: Ի վերջոյ, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը միաստուածեան կրօններուն միջեւ՝ նկատի ունենալով կրօնքին կարեւոր դերը ընկերութեան կեանքին մէջ: Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ, ան մատնանշեց այն կէտերը, որոնք պէտք է ստանան առաջնահերթութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներուն համար.- քրիստոնէական միութեան ամրապնդում, կրօնական դաստիարակութեան վերակազմակերպում, եկեղեցւոյ ժողովրդանուէր ծառայութեան աշխուժացում, միջ-եկեղեցական գործակցութեան ամրապնդում եւ սփիւռքի հետ կապերու սերտացում: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Յունաստանի դերակատարութեան, յարաբերաբար Միջին Արեւելքին ու յատկապէս շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն: Ան ըսաւ, որ Յունաստանի ու Միջին Արեւելքի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերը եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, պէտք է մղեն Յունաստանը եւ Յունաստանի եկեղեցին աւելի լայն ու յանձնառու դերակատարութիւն ստանձնելու շրջանէն ներս:

 

Դասախօսութենէն ետք ներկաները շնորհաւորեցին Նորին Սրբութիւնը: Այս առիթով, Հայրապետը հարցազրոյց մը տուաւ Յունաստանի պետական հեռատեսիլին հետ: