«ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ԱԶԳԻՆ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔՆ Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կիրակի, 07 Սեպտեմբեր 2014-ին, նախագահեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ  եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին: Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատգամ ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Առաջին հերթին, ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, շրջապատուած մեր ժողովուրդի զաւակներով: Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ իր ուսանողութեան օրերուն յաճախակի կերպով այցելած է այս եկեղեցին եւ իր խօսքը ուղղած ժողովուրդին: Ան նաեւ ողջունեց Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանը  եւ Ազգային Իշխանութիւնը, որոնք նուիրումով լծուած են ազգային-եկեղեցական ծառայութեան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, որ Ուաշինկթըն իր այցելութեան նպատակը մասնակցիլ եւ իր խօսքը ուղղել է, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած միջազգային համագումարին:

 

            Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին գլխաւոր նիւթը ընտրած էր ՀԱՒԱՏՔԸ, որպէս հիմքը քրիստոնէական կեանքին: Ան ըսաւ, որ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին յաճախակի կերպով անդրադարձած է, մարդկային կեանքին մէջ հաւատքի կենսական կարեւորութեան: Քրիստոսի ուսուցումներուն ու հրաշքներուն մէջ, հաւատքը առանցքային ներկայութիւն է: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը բացատրեց հաւատքին իմաստը: Ան ըսաւ, որ մարդը անկատար արարած է, իրմէ վեր ու հզօր ուժի մը հաւատալը բնական մղում մըն է մարդու կեանքին մէջ: Հին դարերէն սկսեալ, մարդը հաւատացած է բնութեան ուժերուն եւ ստեղծած իր չաստուածները: Քրիստոս եկաւ ամբողջութեամբ շրջելու հաւատքին իմաստը, առարկան ու նպատակը: Քրիստոս ըսաւ ես եմ կեանքը, ճամբան ու ճշմարտութիւնը, հետեւաբար, ան որ ինծի կը հաւատայ պէտք է ետեւէս գայ: Արդ, քրիստոնեայ մարդուն համար Քրիստոս ի՛նքն է հաւատքի աղբիւրը, Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ Քրիստոսի ուսուցումները գործադրել, աւետարանին արժէքներն ու սկզբունքները մեր կեանքին հետ շաղախել: Քրիստոսի ճամբէն քալել կը նշանակէ քալել խաչի ճամբէն, ինչպէս Քրիստոս ինք ըսաւ, հաւատքը զոհողութիւն եւ յանձնառութիւն կ’ենթադրէ: Հաւատքը կեանքի աղբիւր է, ինչպէս Քրիստոս ինք ըսաւ, ով որ հաւատայ պիտի ապրի: Հաւատքը հզօրութեան երաշխիք է, իր կեանքը հաւատքով թրծած մարդը չի՛ վախնար աշխարհի վտանգներէն, ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:

 

            Այս գիտակցութեամբ Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ քրիստոնէական հաւատքը: Ան ո՛չ միայն Քրիստոսի հետեւող առաջին ժողովուրդը եղաւ, այլ նաեւ՝ իր հաւատքին համար արիւն թափող առաջին ժողովուրդը: Հայ ժողովուրդը քրիստոնէական հաւատքը այնքան նոյնացուցած էր իր կեանքին հետ, որ ան դարձած էր պատմիչին բառերով «մորթի գոյն»: Ահա թէ ինչո՞ւ, երբ հինգերորդ դարուն հայ ժողովուրդի թշնամին կ’ուզէր արմատախիլ ընել քրիստոնէական հաւատքը, ան հաւաքական կամքով ըսաւ, այս հաւատքէն մեզ աշխարհի ոչ մէկ ուժ կրնայ հեռացնել: Արդ, քրիստոնէական հաւատքը մեր ժողովուրդին համար եղաւ աղբիւր հզօրութեան: Այդ հաւատքով զօրացած մեր ժողովուրդը մնաց կանգուն պատմութեան ընթացքին, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

 

            Իր Հայրապետական պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կառչած մնալու քրիստոնէական հաւատքին ու համախմբուելու, քրիստոնէական հաւատքը մեր կեանքին մէջ կենդանի պահած, Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, հետեւաբար, մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ, վճռական դարձակէտ դառնալու կոչուած 2015 թուականին, մեր ժողովուրդի զաւակները, Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպա եւ ի սփիւռս աշխարհի, որպէս մէկ ազգ, ցեղասպան թուրքէն ու աշխարհէն պէտք է պահանջեն իրենց բռնաբարուած իրաւունքները՝ հաւատարիմ մնալով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու նուիրական կտակին:

 

            Նորին Սրբութեան պատգամէն առաջ, Օշական Սրբազան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը, յաջողութիւն մաղթելով իր առաքելութեան: Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Տիար Տիգրան Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Տիար Ռոպերթ Աւետիսեան, Ազգային Իշխանութեան անդամներ եւ մեծ թիւով ներկաներ: Ս. եւ Անմահ Պատարագէն յետոյ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

 

            Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգային Իշխանութեան մարմիններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: