Շարունակելով հիւսիսային Յունաստանի շրջանը կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Թեսաղոնիկէէն ուղղուեցաւ դէպի Գավալա: Գավալայի փոքրաթիւ հայ գաղութի զաւակները ջերմօրէն ողջունեցին Վեհափառ Հայրապետին ժամանումը Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մուտքին:
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Կանոնական աղօթքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնի խօսք ուղղեց Յունաստանի Ազգային Վարչութեան անդամ Տիկ. Մաննիկ Աշրեան: Ան իր խօսքին ընթացքին յիշեց, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայոց կաթողիկոս մը կ’այցելէ այս շրջանները: Ան տեղեկացուց, որ ժամանակին հայահոծ շրջան եղած է Գավալան, սակայն Համաշխարհային Բ. պատերազմի շրջանին, մեծ թիւով հայորդիներ գաղթած են դէպի արեւմտեան երկիրներ. այսօր շուրջ տասնհինգ ընտանիք մնացած է, որոնց կողքին վերջին տարիներուն Հայաստանէն արտագաղթած շուրջ վաթսունընտանիքներ կան: Վեհափառ Հայրապետին այս այցելութիւնը նոր շունչ ու ոգեւորութիւն կը բերէ, ըսաւ Տիկ. Մաննիկ Աշրեան:
Իր հայրական խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ քանակէն առաջ գաղութի մը որակն է էականը: Գաղութի մը որակը մեր մշակութային ու ազգային արժէքներուն նկատմամբ անոր ունեցած հաւատարմութիւնն է: Երբ ձեր մասնակցութեամբ եկեղեցին կը պահէք պայծառ. երբ եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծած էք համախումբ հայկական կեանք մը, սա կը նշանակէ թէ Հայաստանը կ’ապրիք հայրենիքէն հեռու օտարութեան մէջ. ամրօրէն կառչած հայու ինքնութեան: Իր հայրական խօսքի աւարտին օրհնեց ներկաները, մաղթելով անոնց երկնային բարիքներով լեցուն օրեր: Ապա, գաղութին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան եւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր ու հիւրասիրութիւն:
Գավալայէն Արամ Ա. Կաթողիկոսին թափօրը, միշտ Յունաստանի Թեմի Առաջնորդին, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող միաբաններուն, ինչպէս նաեւ Յունաստանի պետութեան կողմէ տրամադրուած ոստիկանական ու ապահովական ջոկատներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Քսանթի:
Գավալայէն շուրջ ժամ մը անդին գտնուող Քսանթի քաղաքին մէջ կ’ապրին շուրջ քսան հայ ընտանիքներ, որոնց միացած են վիրջին տարիներուն Հայաստանէն արտագաղթած հարիւրէ աւելի ընտանիքներ: Գաղութը ունի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ անոր շուրջ կը գործեն պատկան մարմիններ: Այստեղ եւս Նորին Սրբութիւնը արժանացաւ ջերմ դիմաւորութեան, քահանայ հօր ու պատասխանատուներուն կողմէ: Քաղաքէն բացակայութեան պատճառով, նաեւ ներկայ էր Մետրոպոլիտի ներկայացուցիչ հոգեւորականը:
Կանոնական աղօթքէն ետք, թաղականութեան ատենապետը յատուկ ուղերձով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին պատմական այցելութիւնը: Ան ըսաւ, չէք կրնար երեւակայել, թէ ձեր այցելութիւնը որքան յուզիչ ու ոգեւորիչ է այս փոքր գաղութին համար, եւ դուք մեծաթիւ գաղութներու կողքին ժամանակ կը գտնէք այցելելու այս փոքրիկ գաղութը, մեզի բերելով Աստուծոյ խօսքը ու հայրապետական օրհնութիւնը: Իր խօսքի աւարտին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Նորին Սրբութեան: Քաղաքի մետրոպոլիտին ներկայացուցիչը եւս բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին:
Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր օրհնութեան խօսքը ուղղելով շրջանի ժողովուրդին, շեշտեց հաւատքի կենսական կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հաւատքն է որ մեր ժողովուրդը պահեց ու պահպանեց մեր պատմութեան փոթորիկներուն մէջ: Հաւատքն է որ ներկայ կեանքի վերիվայրումներուն մէջ հեռու պիտի պահէ մեզ ամէն տեսակ փորձանքներէ, ու կոչ ուղղեց ժողովուրդին իրենց մասնակցութեամբ պայծառ պահելու եկեղեցին՝ հաւատքի տունը, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը եւս պայծառակերպուի հաւատքի զօրութեամբ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Ապա, Քսանթիի գաղութը ի պատիւ Նորին Սրբութեան ճաշկերոյթ մը սարքեց, որուն ներկայ եղան հիւսիսային Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցիչը, գաղութի պատասխանատուները եւ այլ քաղաքական ու պետական անձնաւորութիւններ:
Նոյն օրը երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ ժամանեց Գոմոթինի քաղաքը: