16 Հունիսի, 2014

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Հինգշաբթի, 12 Յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7։00ին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Դպրեվանքի քայլերգով։ Աւետարանի եւ Նարեկի ընթերցումներէն ետք, Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը կատարեց մի քանի խմբերգներ։ Յովհաննէս Սրկ. Թէփիրճեանի կողմէ արտասանուած «Զարթուցեալքս» բանաստեղծութենէն ետք, Յովհաննէս Սրկ. Ալթունեան յանուն շրջանաւարտ սարակաւագներուն ուղերձ կարդաց։ Ապա Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան ընթերցեց 84-րդ տարեշրջանի տեսչական տեղեկագիրը. աւարտին տեսուչ հայր սուրբը բեմ հրաւիրեց Դրան Եպիսկոպոս՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեանը, որպէսզի շրջանաւարտ չորս սարկաւագներուն վկայականները յանձնէ եւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները փոխանցէ։

More News