ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ի՞նչ են հիմնական այն հոգեւոր դասերը զորս կը քաղենք սուրբ կոյս Մարիամին վերափոխման դրուագէն:   1) Աստուածամօր վերափոխուիլը երկրէն երկինք ապացոյց մըն է յաւիտենական կեանքի գոյութեան: Սուրբ կոյսին վերափոխուիլը երկրէն դէպի երկինք, կը բացայայտէ թէ երբ հաւատացեալ մարդը բաժնուի երկրաւոր այս կեանքէն, կը շարունակէ ապրիլ երկինքի մէջ:   2) Աստուածամօր վերափոխումը երկրէն երկինք հրաւէր մըն…