Հարցումներ աղօթքի մասին

2) Ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին` որոնք կ’աղօթեն միայն երբ նեղութեան կամ փորձութեան մէջ իյնան:

 

Յիսուս կ’ըսէ. «Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ´ք, որպէսզի փորձու­թեան մէջ չիյնաք» (Մատթէոս 26.41): Համաձայն Տիրոջ այս խօսքին, պէտք է աղօթել` որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնանք, եւ ո´չ թէ փորձութեան մէջ իյնալէ ետք: Անոնք որոնք փորձութեան մէջ իյնալէ ետք կ’աղօթեն, կը նմանին այն մարդուն` որ պատերազմի դաշտ երթալէ ե´տք միայն կը սկսի զէնք ու փամփուշտ փնտռել:

Փոր­ձութեանց հանդի­պիլը անխուսափելի է, կարեւորը սակայն, փորձու­թեանց հանդիպելէ ետք` անոնց մէջ չիյնալն է: Հետեւաբար, պէտք է աղօթենք, ո´չ թէ որպէսզի փորձութեանց չհանդի­պինք, այլ որպէսզի փորձու­թեանց հանդիպելէ ետք՝ անոնց մէջ չիյնանք: Յիսուս չըսաւ` «աղօթեցէ´ք, որպէսզի փորձութեան չհանդիպիք», այլ` «աղօթեցէ´ք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք»:

Այն մարդը որ միայն նեղութեան ատեն կ’աղօթէ, կը նմանի այն անձին, որ իր ինքնաշարժի սնտուկին մէջ աւելորդ քարիւղ ունի. երբ ինքնաշարժը ճամբան կանգ առնէ, միայն այն ատեն այդ քարիւղին կը դիմէ: Միայն նեղութեան հանդիպելէ ետք աղօթքի դիմող մարդը, կը նմանի այն անձին, որ միայն երբ ցաւ ունենայ` դեղարան կ’երթայ, կամ միայն երբ հիւանդ ըլլայ` հիւանդանոց կ’երթայ: Աստուած սակայն, սիրելիներ, դեղագործ չէ, ո´չ ալ երկինքը` դեղարան: Աստուած լոկ մարմիններու բժիշկ չէ, ո´չ ալ երկինքը` հիւանդանոց:

Մենք պէտք չէ դիմենք Աստուծոյ, որովհետեւ բանի մը կարիքը ունինք, այլ պէտք է դիմենք` որովհետեւ իր սիրոյն ու գուրգուրանքին կարիքը ունինք: Ըսէ´ք ինծի, ի՞նչ պիտի մտածէիք այն դրացիին մասին, որ միայն երբ բանի մը կարիքը ունենար, ձեր դուռը թակէր: Նման դրացի մը` իսկական դրացի պիտի սեպէի՞ք: Չէ՞ք ակնկալեր որ իրական դրացի եղողը, ժամանակ առ ժամանակ ձեր քով գայ եւ ձեզի հետ սիրալիր, անկեղծ ու մտերիմ ժամանակ անցնէ:

Աղօթքը Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւն պէտք է ըլլայ: Հետեւաբար, մեզ աղօթքի մղողը` Աստուծոյ հանդէպ մեր սէ´րը պէտք է ըլլայ, եւ ո´չ թէ կարիքի մը մէջ ըլլալու գիտակցութիւնը:

 

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան