ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը, Ե.Հ.Խ.ի որոշումներ կայացնող բարձրագոյն մարմինը, իր ընդհանուր ժողովը գումարեց առցանց, 9-16 Փետրուար 2022-ին։ Աւելի քան 200 անդամներէ եւ խորհրդատուներէ բաղկացած ժողովը հիմնական օրակարգ ունէր Ե.Հ.Խ.ի 11-րդ համաժողովը, որ նախատեսուած է գումարուիլ Սեպտեմբերին, Գերմանիոյ մէջ՝ «Քրիստոսի սէրը կը մղէ աշխարհը հաշտութեան եւ միասնութեան» թեմայով։ Գործադիր ընդհանուր քարտուղարը իր յստակ…