ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2021-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոան Սաուքա այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ Ե.Հ.Խ.ի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գարլա Խիժոյեանին:

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումը եւ մասնաւորաբար Ե.Հ.Խ.ը յուզող հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը միջ-եկեղեցական բնագաւառէն ներս իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ եւ նկատի ունենալով ներկայ ժամանակներու պայմաններն ու մարտահրաւէրները՝ իր ուղենիշ թելադրութիւնները կատարեց կարգ մը մտահոգութիւններու ու ծրագիրներու շուրջ:

 

Հանդիպումէն ետք դոկտ. Եոան Սաուքա եւ Գարլա Խիժոյեան ճաշի հիւրերը եղան Վեհափառ Հայրապետին: