ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐՈՒ ՃՇԴՈՒՄ

Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նորընծայ հինգ միաբան հայրերը՝ Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ Աբղ. Սելլումեան, Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեան, Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան եւ Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբղ. Տէկիրմէնճեան: Յիշեալ միաբան հայրերը շուրջ եօթը ամիս առաջ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստանալով,…