ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերէն ետք, Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յիշեալ ժողովները միացեալ հանդիպում ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին կարգ մը թեմերու առաջնորդները: Կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան համաձայն նման միացեալ հանդիպման օրակարգին մաս կը կազմեն Կաթողիկոսութեան, հայ եկեղեցւոյ, Հայաստանին, Արցախին…