Չորեքշաբթի, 19 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տրուած այցելութիւններու շարքին յատկանշական է յիշել.-
ա) Լիբանանի Դեղագործներու Միութեան նախագահ տոքթ. Ճօ Սելլում: Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան տեսակէտը ունենալ քաղաքացիներուն դեղորայք գնելու համար յատուկ այցեքարտերու ծրագրին իրագործման գծով:
բ) Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Խաղաղութիւն կուսակցութեան նախագահ Ռոժէ Ըտտէ, ընկերակցութեամբ դոկտ. Մկրտիչ Պուլտուքեանի: Հանդիպման նպատակն էր, իբրեւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան թեկնածու, ունենալ Նորին Սրբութեան պատկերացումը գալիք խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն շուրջ:
գ) Նորին Սրբութիւնը առցանց հանդիպում ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք առաջնորդներուն՝ Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանին, Գանատայի Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին եւ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին հետ, յիշեալ թեմերուն առնչուած շարք մը ծրագիրներու ու աշխատանքներու կապակցութեամբ: