Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԿ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեանի հայ եկեղեցիէն ներս երկար տարիներու ծառայութիւնն ու վաստակը:

 

Հինգշաբթի, 6 Յունուար 2022-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան ընթերցեց Նորին Սրբութեան Սրբատառ Կոնդակը, ուր Վեհափառ Հայրապետը բարձր կը գնահատէր Սարգիս Սարկաւագի նուիրումն ու աշխատանքը, յատկապէս՝ ձայնագրեալ շարականներու հատորներուն պատրաստութեան մէջ իր ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը: Կոնդակի ընթերցումէն անմիջապէս ետք, սրբազան հայրը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեանի կուրծքը: