ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՔ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԹԵՄԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔՈՒԵՑԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինութեամբ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններու խնդրանքին ընդառաջելով, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան ու Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան առաքուեցան յիշեալ թեմերը՝ հովուական, քարոզչական ու դաստիարակչական պաշտօններ ստանձնելու: Հայր Պօղոսն ու Հայր Զարեհը արդէն իսկ սկսած են իրենց ծառայութեան,…