ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին մասունքը դուրս բերուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։   Արդարեւ, Ուրբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2021-ին, Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, կատարուեցաւ նախատօնակը սրբոցն Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին,…

Հ.Հ. ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՔԱԹԱՐԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Քաթարի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան (Հ.Հ.) դեսպանատան մէջ, Հ.Հ. վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի հայ գաղութի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան եւ Ազգային Գործադիր Մարմինի անդամներուն հետ:   Հանդիպման ընթացքին, Քաթարի մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգիսեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ ապա…