Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՏԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ

Ուրբաթ, 12 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իտալիոյ դեսպանուհին դոկտ. Նիքոլեթա Պոմպարտիէր:
 
 
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ առաջին հերթին անդրադարձ կատարելու Յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին եւ ապա Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Դեսպանուհին պարզեց Իտալիոյ կատարած աշխատանքները թէ՛ Լիբանանին գծով եւ թէ՛ Լիբանանէն ներս:
 
 
 
Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Իտալիոյ օժանդակութեան լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ բարեսիրական ու առողջապահական ծրագիրներուն: Այս ծիրէն ներս ողջունելով Պուրճ Համուտին առնչուած ծրագիրներուն օգտակար ըլլալու Իտալիոյ յանձնառութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց նման նախաձեռնութեան յոյժ կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ այս հանգրուանին ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական կարիքներուն օգտակար ըլլալը առաջնահերթութիւն կը կազմէ Լիբանանի համար:
 
 
 
Դեսպանուհին փափաք յայտնեց Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցութիւնները շարունակելու: