Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ

Երեքշաբթի, 15 Փետրուար 2022-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար նախագահեց միաբանական յանձնախումբերու աշխատանքային նիստերուն:   Առաջին հերթին, Ծիսական Յանձնախումբը ունեցաւ իր հանդիպումը: Յանձնախումբին նպատակն է եկեղեցին ժողովուրդին աւելի մօտեցնելու եւ ժողովուրդին մասնակցութիւնը ապահովելու ազդու միջոցներու փնտռտուքը, յատկապէս ծիսական, քարոզչական ու դաստիարակչական մարզերէն ներս:   Երկրորդ հանդիպումը Միւռոնի Պատրաստութեան Յանձնախումբի հանդիպումն էր,…