10 December, 2021

ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԱՄՔՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան իրագործման մէջ կարեւոր դեր ունին հաւատացեալները եւ անոնց նիւթաբարոյական ներդրումը։ Վերջին երկու տարիներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իրագործուեցան վերանորոգութեան ու վերադասաւորման զանազան ծրագիրներ՝ մեր Սուրբ Աթոռի զաւակներուն բարերարութեան շնորհիւ։ Թէեւ Վեհափառ Հայրապետին փափաքն էր իւրաքանչիւր ծրագիրի իրագործման աւարտին տեղի ունենար վերաբացման արժանի հանդիսութիւն, բարերարներուն ներկայութեան, սակայն վերջին տարիներուն թէ՛ համաճարակը, թէ՛ Արցախի պատերազմը եւ թէ՛ Լիբանանի իրավիճակը չարտօնեցին անոնց իրականացումը։
 
Արդարեւ, Հինգշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանին կարեւոր կառոյցներու վերանորոգութեան առիթով հակիրճ հանդիսութիւն։
 
«Կիլիկիա» թանգարանի մուտքին, շրջապատուած առաջնորդ սրբազաններով, ժողովականներով ու միաբան հայրերով, Հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը եւ ըսաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարերարները գործնապէս մասնակից կը դառնան մեր Ս. Աթոռին համազգային առաքելութեան։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հաւաքական առաքելութիւն է եւ իւրաքանչիւր հայորդի իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունի այդ առաքելութեան ճանապարհին վրայ։ Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց բարերարները՝ աղօթելով, որ Աստուած մեր եկեղեցւոյ ու ազգի բոլոր բարերարներուն պարգեւէ առողջութիւն ու արեւշատութիւն, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց Աստուածահաճոյ ծառայութիւնը։
 
Նշենք, որ նախորդ երկու տարուան ընթացքին իրագործուեցան հետեւեալ կառոյցներու աշխատանքները.-
 
ա) Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի վերանորոգում, բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկ. Յովսէփ Պոյաճեանի (Լոս Անճելըս)։
 
բ) «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգում եւ վերադասաւորում, բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկ. Կարօ Էշկիեանի (Լոս Անճելըս)։
 
գ) «Կիլիկիա» մատենադարանի վերանորոգում եւ վերադասաւորում, բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկ. Տիգրան Ճիյէրճեանի (Մոնաքօ)։
 
դ) Հնատիպներու եւ ձեռագիրներու բաժանմունքներու հաստատում եւ վերադասաւորում, բարերարութեամբ դարձեալ Տէր եւ Տիկ. Տիգրան Ճիյէրճեանի (Մոնաքօ)։