Շաբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) զրոյց-հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հարցազրոյցը ուղիղ սփռուեցաւ Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-էն: Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս երիտասարդութեան եւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցերուն: Վեհափառ Հայրապետը իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ լայն բացատրութիւններ տուաւ երիտասարդութեան իւրայատուկ դերին հայ կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Սփիւռքի կառոյցներու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման կարեւորութեան:
Յայտնենք, որ 2022 տարին Վեհափառ Հայրապետը հռչակած է «Սփիւռքի Տարի» եւ կոչ ուղղած, որ իր Հայրապետական պատգամին մէջ արծարծուած հարցերը լուրջ քննարկումի ենթարկուին Սփիւռքի գաղութներէն ներս: