Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Առնուած «Արարատ» օրաթերթէն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի, Երկուշաբթի, 24 Յունուար 2022-ին այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ տեսակցեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանը, Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ներկայացուցիչ Վանիկ Տագէսեանն ու Հ.Կ.Բ.Մ.ի ատենապետ Արամ Մալեանը: …