Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՏԱՄԱՍԿԻՆՈՍԻ ՆՊԱՍՏԸ ՄԻՋ-ՕՐԹՈՏՈՔՍ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 5 Նոյեմբեր 2021-ին, Զուիցերիոյ Շամպէզի քաղաքին մէջ գտնուող Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ յիշատակի յատուկ հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած Մետրոպոլիտ Տամասկինոսի: Հանդիսութեան սկիզբը կարդացուեցաւ Պենետիքթոս Պապին, Պարթոլոմէօ Տիեզերական Պատրիարքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին (ընթերցուած փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեանի կողմէն), Զուիցերիոյ նախագահին եւ Յորդանանի Հասան Իշխանին պատգամները:

 

Նորին Սրբութիւնը մօտէն ճանչցած ըլլալով Մետրոպոլիտ Տամասկինոսը, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական ու յատկապէս միջ-ուղղափառ Աստուածաբանական երկխօսութեան անոր բերած նպաստին: 1980-ական թուականներուն, որպէս յիշեալ երկխօսութեան նախաձեռնողներէն մէկը, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց Մետրոպոլիտ Տամասկինոսի կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը, միաժամանակ կոչ ուղղեց, որ հակառակ գոյութիւն ունեցող ներքին տարակարծութիւններուն, անհրաժեշտ է, որ աւելի ամրապնդուի ուղղափառ եկեղեցիներու ներքին միասնականութիւնը՝ յատկապէս գործակցութեան ճամբով:

 

Յայտնենք, որ Մետրոպոլիտ Տամասկինոս երկար տարիներ Յոյն Ուղղափառ Կեդրոնին պատասխանատուն եղած է, ինչպէս նաեւ առաջնորդը՝ Զուիցերիոյ Յոյն Ուղղափառ համայնքին եւ յաճախակի այցելութիւններ տուած է Անթիլիասի Մայրավանք: Ան վախճանած է 10 տարիներ առաջ: