ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի աշակերտութեան հետ:

 

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Կեդրոնի աշակերտութեան ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը դասընթացքներուն: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Կեդրոնին կարեւոր դերը՝ հայագիտական նիւթերուն զարգացման գծով, ապա անդրադարձաւ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս եւ Սփիւռքը մասնաւորաբար դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն:

 

Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Կեդրոնի երկար տարիներու ժրաջան տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեանին, որ առողջապահական պատճառով կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ նորանշանակ տնօրէն Ահարոն Շխրտմեանին մաղթեց յարատեւ յաջողութիւն: