Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆԱԿԷՆ ՉՈՐՍ ԳՆԴԱՊԵՏՆԵՐ

Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ոյժերու խաղաղապահ բրիգադի հրամանատար ժեներալ-մայոր Արտակ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի ընկերակցութեամբ:

 

Ողջունելով հայ սպաները Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց քաջարի բանակին՝ շեշտելով, թէ մեր ժողովուրդի միասնականութեան ու հզօրութեան, հայրենիքի գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան երաշխիքը հայոց բանակն է։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կարեւորութեամբ ընդգծեց հայոց բանակին զօրավիգ կանգնելու հրամայականը։

 

Յայտնենք, որ Հայաստանի բանակի սպաները կարճ այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուին հանդիպում ունենալու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան խաղաղապահ ոյժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատին հետ։