Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Կիրակի, 12 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն (Ե.Հ.Խ.) պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Գարլա Խիժոյեան, Դոկտ. Աբրահամ Ուիլըր եւ Եոլէնի Ռէպէլէ: Գարլա Խիժոյեանը կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Խորհուրդէն ներս եւ պատասխանատու է Միջին Արեւելքի առնչուած հարցերուն: Իսկ Դոկտ. Աբրահամ Ուիլըր…