Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԿԱՅԵԱԼՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ուրախութեամբ ողջունեց Կաթողիկոսարանի «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոնի 16 վկայեալներու այցելութիւնը: Վկայեալները, որոնք մեծ մասով կը դասաւանդեն հայ դպրոցներէն ներս, Կեդրոնին ճամբով ստացած են L.T., T.S. եւ B.T.3 պետական վկայականները: Յիշեալ վկայականներով անոնք կրնան համալսարանական աւելի բարձր վկայականներու թեկնածու ըլլալ՝ Լիբանանէն ներս թէ դուրս:

 

Կեդրոնի պատասխանատուն՝ տիկին Սիլվա Ներսէսեանը խօսք առնելով իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ յիշեցնելով, որ Հայրապետը ո՛չ միայն նիւթաբարոյական նեցուկ կ՚ընծայէ Կեդրոնին, այլ նաեւ մօտէն կը հետեւի անոր աշխատանքներուն:

 

Նորին Սրբութիւնը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Կաթողիկոսարանի առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը նկատուող «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոնը նուիրումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ապա, Նորին Սրբութիւնը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ վկայեալներուն հետ եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց կրթական աշխատանքներով եւ միաժամանակ լսեց անոնց մտահոգութիւններն ու առաջարկները:

 

Յայտնենք, որ հակառակ երկրէն ներս ստեղծուած զանազան դժուարութիւններուն, մանկավարժական Կեդրոնը կը շարունկէ իր աշխատանքները: