2 February, 2022

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՄԲՈՂՋԱՆԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՈՎ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի, 2 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պքերքէի մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ, առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար՝ Քալակար Արքեպիսկոպոսին հետ:
 
 
Նորին Սրբութիւնն ու նախարարը ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին 1 Յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին ու անոր անդրադարձին Լիբանանէն ներս: Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին եւ պետական պատասխանատուներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ Վատիկան, Լիբանանի մէջ մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ, քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպէ Վատիկանի մէջ՝ որպէս ամբողջացուցիչ քայլ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին: Նախարար Կալըկըր սկզբունքով համաձայն գտնուեցաւ Նորին Սրբութեան առաջարկին եւ վստահեցուց, որ Լիբանանի իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ ունենալիք իր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի արծարծէ այս նիւթը:
 
 
Հանդիպման աւարտին Ռայի Պատրիարքը ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց ի պատիւ Կալըկըր Արքեպիսկոպոսին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Վեհափառ Հայրապետը, Եունան Պատրիարքը եւ մարոնիթ եպիսկոպոսներ: