«ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒՈՂ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ UNITÉ DES CHRÉTIENS ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻՆ ՀԵՏ

Ֆրանսայի մէջ հրատարակուող եւ միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս իր կարեւոր խօսքը ունեցող Unité Des Chrétiens շաբաթաթերթին հետ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վերջերս Ֆրանսերէնով հարցազրոյց մը ունեցաւ:

Արդարեւ, միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայ իրավիճակը պարզող հարցերուն պատասխանելով՝ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը վերջին տասնամեակին սկսած է նահանջ արձանագրել. երեւոյթ մը, որ հետեւանքն է համաշխարհայնացման ստեղծած նոր մտահոգութիւններուն, մօտեցումներուն ու առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներուն մօտ յառաջացած ինքնակեդրոն գործելակերպերուն: Այս կացութեան դիմաց Վեհափառ Հայրապետը կ’առաջարկէ միջ-եկեղեցական կառոյցներու, օրակարգերու եւ առաջնահերթութիւններու վերատեսութեան հրամայականը:

Նորին Սրբութիւնը հարցազրոյցին մէջ կը շեշտէ, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը պէտք չէ կառոյցներու ու ծրագիրներու մէջ խեղդել: Շարժումը պէտք է անդրանցնի հաստատութենական ու ծրագրային սահմանափակումները, այլապէս ան կը կորսնցնէ իր իւրայատուկ նկարագիրը ու նպատակը: Վեհափառ Հայրապետը կ’անդրադառնայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Հարցազրոյցին մէջ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կը խօսի հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին՝ ընդգծելով անոր ժողովրդակեդրոն կառոյցն ու դերը: