ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2022-ին, սկիզբ առաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան առցանց ժողովը, որ երեք օրերու վրայ տարածուած հանդիպում մըն էր: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սոյն ժողովներուն կը ներկայացնեն Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (համաքարտուղար): Արդարեւ, նկատի ունենալով ֆիզիքապէս ներկայ գտնուելու եւ ժողով գումարելու ներկայ դժուարութիւնները, ժողովը առցանց գումարուեցաւ քննելու համար յաջորդ նիստին վերջնական ձեւ ստանալիք ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՕԹԸ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ խորագրով միացեալ աշխատանքը: