ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Շաբաթ, 13 Նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորութեամբ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց Համազգայինի մասնաճիւղերուն գործունէութեան եւ անոնց դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններու առնչուած հարցերու մասին:   Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը՝ հաստատելով, որ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Սփիւռքի տարածքին ընդհանրապէս հայապահպանման ու յատկապէս…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆԻ «ՄԱՏՆԱՀԵՏՔԵՐ»Ը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան կ՚արժանանայ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը։   Հատորը կ՚ամփոփէ Աւետեանին փորձութիւնները, ապրումներն ու ներաշխարհը՝ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք։ Օրագիրի ոճով ներկայացուած սոյն հատորը ընթերցողը դէմ յանդիման կը դնէ աղէտներու հետեւանքով բխած մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայութիւնը յուզող հարցերու հետ.- գոյապայքար, ինքնութիւն, տուն հասկացողութիւն եւ այլն։…