Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 14 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի:

 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր, որոնց գծով Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Լիբանանի հայ համայնքէն ներս գործող կառոյցներուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներքին միութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։ Այս առիթով նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հռչակած Սփիւռքի Տարուան աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն։