Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նորընծայ հինգ միաբան հայրերը՝ Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ Աբղ. Սելլումեան, Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեան, Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան եւ Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբղ. Տէկիրմէնճեան: Յիշեալ միաբան հայրերը շուրջ եօթը ամիս առաջ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստանալով, Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով կը ծառայեն Կաթողիկոսարանէն ու Դպրեվանքէն ներս՝ զանազան պաշտօններ ստանձնելով:
Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ու գնահատանքը յայտնեց նորընծայ միաբան հայրերուն յիշեցնելով թէ՝ հոգեւորականի կոչումը ծառայութիւնն է: Ծառայութեան վայրերն ու ձեւերը կրնան փոխուիլ, սակայն անոր էութիւնն ու նպատակը կը մնան նոյնը: Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ հոգեւորականը, եկեղեցին ունենալով իր կեանքին առանցքը ու ժողովուրդը՝ իր կեանքին դիմաց, պէտք է իր կոչումը գործնապէս արժեւորէ, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը ճշդեց իւրաքանչիւրին աւարտաճառի նիւթը՝ նկատի ունենալով միաբան հայրերու նախասիրութիւնը: