20 January, 2022

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 20 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապին։

 

Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան առաւելաբար կրթութեան նախարարութեան աշխատանքներուն առնչուած ծրագիրները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պարզած ներկայ կացութեան՝ նկատի ունենալով, որ Վեհափառ Հայրապետը միջ-կրօնական ծիրէն ներս մօտէն ճանչցած է նախարար Հալապին։