15 December, 2021

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՍԻՈՆԱՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՀԱՐԻՒԻՐԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն Յանձնաժողովին (Commission on World Mission and Evangelism) եւ համագործակցութեամբ Միջազգային Միսիոնարական Ժողովին (International Missionary Council), 2021-2022 տարեշրջանին ընթացքին շարք մը ծրագիրներու ընդմէջէն պիտի նշուի միսիոնարական համաժողովին 100 ամեակը՝ տարբեր հանդիպումներու եւ գրական աշխատութիւններու ընդմէջէն անդրադառնալով անոր պատմութեան, ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի տեսլականին։  Սոյն ծրագիրին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Կարէն Սրկ. Եօսուլքանեան։

 

16-18 Նոյեմբեր 2021-ին, աշխարհի տարբեր շրջաններէ մասնակիցներ (Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Լատին Ամերիկա, Նոր Զելանտա, Խաղաղական Ովկիանոսի երկիրներ, Ափրիկէ, Ասիա, Քարիպեան կղզիներ) յատուկ յանձնախումբերու ճամբով գիտաշխատութիւններ ներկայացուցին վերոնշեալ շրջաններու մէջ միսիոնարական աշխատանքներու մասին։ Միջին Արեւելքի յանձնախումբը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ.) հետ գործակցաբար, տեսերիզով մը ներկայացուց Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ն ու Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, խօսեցաւ առաքելութեան հասկացողութեան մասին՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու դիտանկիւնէն, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւն փոխանցեց վերջին 100 ամեակին յատկանշական դէպքերու մասին:

 

Նշենք, որ միսիոնարական շարժումին կատարած մարդասիրական աշխատանքներուն մեծագոյն վկաներէն կը հանդիսանայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսոթիւնը, նկատի ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն միսիոնարներուն կատարած հայանպաստ աշխատանքը։

 

Այս ծրագիրին յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 2022-ին։