5 February, 2022

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՔ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԹԵՄԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔՈՒԵՑԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինութեամբ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններու խնդրանքին ընդառաջելով, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան ու Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան առաքուեցան յիշեալ թեմերը՝ հովուական, քարոզչական ու դաստիարակչական պաշտօններ ստանձնելու: Հայր Պօղոսն ու Հայր Զարեհը արդէն իսկ սկսած են իրենց ծառայութեան, իսկ Հայր Արտակը պիտի մեկնի յառաջիկայ շաբաթներուն:
 
Վերոյիշեալ միաբանները Դպրեվանքի իրենց ուսումը աւարտելէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին կարգադրութեամբ իրենց աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը ստացած են Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ համալսարաններէն ներս: