ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) իր տարեկան ժողովը առցանց գումարեց 12-14 Հոկտեմբեր 2021-ին։ Ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։

 

Հայր Սուրբը համագումարին ներկայացուց մեր եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական աշխատանքներու տեղեկագիրը՝ անդրադառնալով  ձեռնարկներուն, մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն։ Աւարտին, ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան եւ Արցախին ներկայ իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ պատասխանեց այս գծով ուղղուած ժողովականներուն հարցումներուն։

 

Համագումարի օրակարգը կ՚ընդգրկէր նաեւ յառաջիկայ շրջանի ատենապետի ընտրութիւն եւ 2022-ին Գանատայի մէջ տեղի ունենալիք ժողովին մանրամասնութիւններուն վերջնականացում։