Երեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդի ներկայացուցիչ դոկտ. Տըրք Լանճը: Հանդիպման նպատակը Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ էր ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական հարցերու ու մասնաւորաբար ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդին աստուածաբանական երկխօսութիւն սկսելու կարելութեան մասին:
Երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ու յատկապէս աստուածաբանական երկխօսութեանց փորձառութեան լոյսին տակ, Վեհափառ Հայրապետը իր հիւրին հետ բաժնեց նման նախաձեռնութեան թէ՛ առաւելութիւններն ու կարելիութիւնները եւ թէ՛ անպատեհութիւններն ու դժուարութիւնները:
Յիշեալ հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ժընեւի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեանը: