ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի աշակերտութեան հետ:   Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Կեդրոնի աշակերտութեան ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը դասընթացքներուն: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Կեդրոնին կարեւոր դերը՝ հայագիտական նիւթերուն զարգացման գծով, ապա անդրադարձաւ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս եւ Սփիւռքը մասնաւորաբար դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն:  …