17 December, 2021

Հ.Հ. ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՔԱԹԱՐԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Քաթարի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան (Հ.Հ.) դեսպանատան մէջ, Հ.Հ. վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի հայ գաղութի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան եւ Ազգային Գործադիր Մարմինի անդամներուն հետ:
 
Հանդիպման ընթացքին, Քաթարի մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգիսեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ ապա հայր սուրբը հրաւիրեց ողջոյնի խօսք արտասանելու։ Ան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյններն ու օրհնութիւնները փոխանցեց պրն. նախագահին, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանին բարեմաղթութիւնները։
 
Նախագահ Սարգիսեան, իր կարգին, խօսելով Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին՝ անդրադարձաւ Քաթարի պետութեան հետ նորագոյն գործակցութեանց ծրագիրներուն։ Ապա, ան Ազգ. Գործադիր Մարմինին յանձնեց յուշանուէր մը։
 
Ապա, յանուն Ազգ. Գործադիր Մարմինին եւ գաղութի ազգային մարմիններուն հայր սուրբը պրն. նախագահին յուշանուէր մը փոխանցեց: