Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ Լ.Օ.Խ.Ի ԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 27 Յունուար 2022-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Օգնութեան Խաչի (Լ.Օ.Խ.) նորընտիր վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ) կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Օրդ. Նելլի Վէքիլեանին: Վարչութեան ատենապետուհին՝ Տիկ. Սիլվա Սապունճեան, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան Լ.Օ.Խ.ի աշխատանքներուն իր զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ զանազան առիթներով Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կարիքաւոր ընտանիքներուն կատարուած օժանդակութեան համար: Ապա, ան ներկայացուց Լ.Օ.Խ.ի յառաջիկայ ծրագիրները:
 
 
Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց նորընտիր վարչութեան՝ մաղթելով որ վերանորոգ նուիրումով ան շարունակէ իր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին զաւակներուն:
 
 
Ապա, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանային նորընտիր վարչութեան: Վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապագեան Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ երկրէն ներս տնտեսական տագնապին ու համաճարակին ստեղծած պայմաններուն բերումով: Ան միաժամանակ շեշտեց, թէ հակառակ ներկայ կացութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ը վճռած է շարունակել իր գործունէութիւնը մարզական զանազան բնագաւառներէն ներս:
 
 
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի կատարած աշխատանքը՝ զայն նկատելով մարզականին առընթեր նաեւ ազգային առաքելութիւն՝ հայեցի դաստիարակութեան բերած իր կարեւոր նպաստին համար:
 
 
Երկու վարչութիւններուն պարագային, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց որ Լիբանանի այժմու դժուար կացութեան լոյսին տակ, անհրաժեշտ է որ այլ գաղութներէն ներս անոնց ուղեկից կազմակերպութիւնները օգտակար հանդիսանան Լիբանանէն ներս իրենց իրագործելիք ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: