28 October, 2021

«ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԸ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ նիւթին շուրջ զարգացուց իր յօդուածը, Արժանթինի պետութեան նախաձեռնութեամբ, Ֆրանսիս Պապին կողմէ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ուղղութեան առնուած քայլերուն նուիրուած հատորին մէջ: Արդարեւ, վերջին տարիներուն Ֆրանսիս Պապը Եգիպտոս, Իրաք եւ Տուպայ կատարած իր այցելութիւններու ընթացքին, իր յայտարարութիւններով եւ կատարուած միացեալ հաղորդագրութիւններով շեշտեց ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու յատկապէս Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ կրնայ իր կարեւոր նպաստը բերել կրօններու, ընկերութիւններու ու ազգերու ներդաշնակ գոյակցութեան: Յիշեալ հրատարակութիւնը կ’ընդգծէ Սրբազան Պապին նախաձեռնութեան իւրայատուկ կարեւորութիւնը ներկայ ժամանակներուն: Գիրքին մէջ յօդուածներ ունին միջազգային-քաղաքական ու կրօնական դէմքեր: Քրիստոնէութեան պարագային յօդուածներ ստորագրած են Բարթոլոմէօ Տիեզերական Պատրիարքը, Քէնթրպըրիի Ճասթըն Ուէլպի Արքեպիսկոպոսը եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: