Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2021-ին, ամբողջ օրուան տեւողութեամբ, Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար նիստը: Ժողովական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կարգ մը թեմերու առաջնորդները: Կրօնական Ժողովի ատենապետութիւնը վարեցին Օշական եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսները:
Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար քննարկուեցան Դպրեվանքին, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց, ծիսական բարեկարգութեան, Աստուածաշունչի Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան, Կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթի, քահանայից պատրաստութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Յատուկ զեկոյցներ տրուեցան վերանորոգուած թանգարանին, մատենադարանին, ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժանմունքներուն մասին: «Թռչնոց Բոյն»ի ու տեղեկատուականի բաժանմունքի պատասխանատու հայր սուրբերը, այլ բաժանմունքներու պատասխանատուներու կողքին, զեկոյցներ տուին իրենց աշխատանքներուն մասին: Երիտասարդութեան ու ծիսական բարեկարգութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու քննարկումները յատուկ տեղ գրաւեցին ժողովի ընթացքին: Ժողովականները առիթ ունեցան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու բոլոր քննարկումներուն: Կարգ մը ծրագիրներու գծով առնուեցան համապատասխան որոշումներ եւ նշանակուեցան այդ որոշումները գործադրութեան ընթացքի մէջ դնելու կոչուած յանձնախումբեր: Շեշտուեցաւ Կաթողիկոսարան-թեմ սերտ գործակցութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կատարուած լուրջ աշխատանքներուն գծով՝ թէ՛ Կաթողիկոսարանի բաժանմունքներուն եւ թէ՛ թեմերուն կողմէ, հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մեր միաբանութիւնը վերանորոգ կերպով կը շարունակէ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքները ժողովուրդին տանելու առաքելութիւնը՝ զանազան ծրագիրներու մշակումով: Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս ընդգծեց քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն եւ թելադրեց թեմերուն առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու եկեղեցւոյ առաքելութեան յիշեալ մարզերուն:
Վաղը՝ Հինգշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2021-ին, պիտի սկսին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի աշխատանքները: Ապա, Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները միատեղ հանդիպում պիտի ունենան՝ քննելու ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ: