«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ԹՌՉՆԻԿՆԵՐԸ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 20 Յուլիս 2020-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ հիւրընկալուեցան «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները՝ իրենց տեսուչ Սրբազան հօր՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի գլխաւորութեամբ: Դպրեվանեցիներն ու «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները միասնաբար ունեցան իրենց նախաճաշը, որուն աւարտին Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց՝ բոլորին մաղթելով լաւ ժամանց ու բարի օր: Նախաճաշէն…