Կիրակնօրեայ վարժարաններու տարեմուտին, ամէն տարի մանուկներն ու ուսուցիչները կ’այցելեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնն ու յորդորները: Համաճարակին պատճառած անբնական պայմաններուն ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջական ապահովութեան նկատմամբ Նորին Սրբութեան ունեցած նախանձախնդիր մօտեցումին բերումով, անցնող երկու տարիներուն զանց առնուեցաւ Հայրապետին այցելելու աւանդութիւնը։
Ներկայ տարեմուտին, առաւել խանդավառ թափով եւ մեծ թիւով աշակերտներու ներկայութեամբ, Կիրակի, 28 Նոյեմբեր 2021-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, գլխաւորութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի եւ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը եւ ուսուցչական կազմը այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Կիրակնօրեայ Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան, խօսք առնելով՝ յայտնեց, որ աշակերտներուն համար մեծ ուրախութիւն է Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալը, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուս եւ պատասխանատուներուս համար կրկնակի ուրախութիւն ու պատիւ է, Հայրապետին սիրոյն ու նախանձախնդրութեան առարկան դառնալը: Այս առիթով, ան նաեւ անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներու ծնողներուն ցուցաբերած գործակցութեան ոգիին, որովհետեւ անոնք դիտողի դերակատարութեան մէջ չեն, այլ մասնակցողի ու աջակցողի:
Ապա, մանուկները իրենց սորված շարականներէն ու աղօթքներէն փունջ մը ներկայացուցին Վեհափառ Հայրապետին:
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնն ու յորդորները փոխանցեց մանուկներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց վարժարանի վարիչ հայր սուրբին եւ ուսուցիչներուն՝ անոնց կատարած նուիրական աշխատանքին եւ մանուկներուն նկատմամբ հարազատ հոգածութեան համար: Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով ներկայ դժուար պայմաններուն ու կիրակնօրեայ դպրոցին ջամբած դաստիարակութեան՝ ըսաւ, որ Հակառակ համաճարակին ստեղծած անբնական կացութեան, կիրակնօրեայ վարժարանները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ առաւե՛լ հաւատքով ու առաւել խանդավառութեամբ: Մեր սպասումն է, որ մեր բոլոր կիրակնօրեայ վարժարանները լեցուին մանուկներով ու պատանիներով, որովհետեւ կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ մեր նոր սերունդը կը լիցքաւորուի աղօթքով, բարոյական արժէքներով ու ազգային աւանդութիւններով։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը գնահատելով աշակերտներուն ծնողները՝ շեշտեց, թէ հրամայական է նոր սերունդը եկեղեցի ուղղել եւ հաղորդակից դարձնել եկեղեցւոյ կեանքին, որպէսզի Աստուծոյ ներկայութեամբ ուռճանան ու իրենց կեանքը լեցնեն երկնային արժէքներով: